Երէկ` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիրի կնքում` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատան միջեւ:
Համաձայնագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները` նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի, վերոնշեալ դրամատան ներկայացուցիչները, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Աքրամ Հալապի շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Սահնաուիին, որ ընդառաջելով ֆետերասիոնին հրաւէրին, ուզեց զօրակցիլ լիբանանեան պասքեթպոլի յառաջխաղացքին, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը հասցնել աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի, Չինաստանի մէջ:
Դրամատան ներկայացուցիչ Հապիպ Խուրի յաջողութիւն մաղթեց ֆետերասիոնին` անոր տարած աշխատանքներուն գծով եւ յոյս յայտնեց, որ Լիբանան կը յաջողի ապահովել Չինաստանի իր տոմսը:
Ան ըսաւ, թէ իրենք կը զօրակցին նաեւ ակումբներուն եւ անհատներուն:
PROFOTO