Մարզական

Արթուր Աբրահամ Բարեգործական Նպատակով Մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ Մարաթոնին

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ «Մենք կ՛օգնենք երեխաներուն» կարգախօսին տակ բարեգործական նպատակով մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ մարաթոնին: Այս մասին յայտնեց Արթուր Աբրահամի մամլոյ բանբեր Սիրան Գրիգորեան, որ նաեւ լուսանկարներ հրապարակեց մարաթոնէն: Աբրահամ իր յաջորդ մենամարտը կը կատարէ գերմիջին քաշային կարգի աշխարհի ախոյեանի կոչման համար: Հայ կռփամարտիկը նախապէս նշած էր, որ իրեն համար շատ կարեւոր է աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը վերադարձնելը:  

Թենիս. Խաչանով Մէկ Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երէկ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած թենիսմենը` Կարէն Խաչանով, մէկ դիրքի ոստում արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 24-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, երկրորդ` Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա), իսկ երրորդ` Խուան Մարթին Տել Փոթրօ (Արժանթին):  

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթական` Սինկափուրի Մէջ

«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, յաղթանակով աւարտեց «Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Սինկափուրի կրան փրին: «Ռետ-Պուլ»-ի հոլանտացի ներկայացուցիչը Մաքս Վերսթափեն գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց գերմանացի Սեպասթիան Վեթել («Ֆեռարի»): Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, Հեմիլթըն ունի 281 կէտ եւ 40 կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքը գրաւող Վեթելը: Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 6 հանգրուան:

Համաշխարհային Նուաճում Մարաթոնեան Վազքի Ընթացքին

2016-ի Ռիոյի ողիմպիական խաղերու մարաթոնեան վազքի ախոյեան, քենիացի Էլիատ Քիչոքէ, բարելաւեց համաշխարհային նուաճումը վազքի մրցումին: Պերլինի Մարաթոնի վազքի մրցումին ան 42,194 քիլոմեթր յաղթահարեց 2 ժամ 01' 39"-ի ընթացքին: Ան այսպիսով կոտրեց նախկին մրցանիշը` 01' 18"-ով, որ կը պատկանէր քենիացի Տենիս Քիմեթոյի: Այդ մրցանիշը արձանագրուած էր 2014-ի Պերլինի ողիմպիականին:

Ռիպերի Շատ Հաւանաբար Տուգանքի Ենթարկուի

Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը շատ հաւանաբար տուգանքի ենթարկէ ակումբին ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերին: Նախորդ շաբաթավերջին Պայէր Լեւերքուզընի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի 3-րդ հանգրուանին, 35 տարեկան Ռիպերի, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, մարզիչ Նիքօ Քովաչի կատարած երրորդ փոփոխութենէն ետք ուղղուեցաւ հանդերձարան, մինչ մրցումին աւարտին մնացած էր 7 վայրկեան: Ան հոնկէ ալ թաքսիով մը հեռացաւ մարզադաշտէն, յայտնեց «Ֆրանս-ֆութպոլ»-ը:

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Նոր Զելանտա – Լիբանան

Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով` առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը կը մրցի Նոր Զելանտայի դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ռոթորուա քաղաքին մէջ գտնուող «Էնըրճի Սիթի Սենթըր» մարզադաշտին վրայ: Այս մրցումին յաղթականը պիտի գրաւէ Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, բնականաբար ապահովելով աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Տարեշրջանը Սկսաւ 1 – 1 Հաւասարութեամբ` Սաժեսի Դէմ

Նախորդ շաբաթավերջին ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Սաժեսին, տարեշրջանը սկսաւ 1 - 1 հաւասարութեամբ: Մրցումին 12-րդ վայրկեանին, Ճոնի Քոնճեանին քորնըրէն ետք, Սեմի Պիայէ բացաւ մրցումին հաշիւը: Այդ կոլէն չորս վայրկեան ետք, Սաժես նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը, դարձեալ քորնըրէն եկած գնդակով`...

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերը մաս կը կազմեն Բ. խմբակին: Այս մրցումին պիտի կանխէ Մութթահետ - Անուար մրցումը, երեկոյեան ժամը 18:00-ին` նոյն վայրին մէջ:

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  Լիբանան Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ` 3 – 2 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Թայլանտի

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ` 3 – 2 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Թայլանտի

Լիբանանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի խումբը երէկ բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Թայլանտի դէմ (3 - 2), աւարտեց իր ելոյթները` Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասի Բ. դասակարգի մրցումներուն գծով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանի կազմը յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ, ուրկէ բացակայ էր աւելի քան 15 տարիէ ի վեր: Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր...

Կռփամարտ. Հայաստան Պոլսոյ Մէջ Տիրացաւ 3 Մետալի

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 2 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալի, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: 91 քկ դասակարգին մէջ, Նարեկ Մանասեան աւարտականին յաղթեց անգլիացի իր մրցակիցին: 52 քկ դասակարգին մէջ, իր կարգին Արթուր Յովհաննիսեան տիրացաւ ոսկի մետալին` աւարտականին յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին: Յովհաննէս Պաչքով (աջին) Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ 64 քկ դասակարգին...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթիի Ֆութպոլիստները Խաղադաշտ Մտցուցին 98 Եւ 102 Տարեկան Համակիրները

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Մանչեսթըր Սիթիի ֆութպոլիստները իրենց հետ խաղադաշտ մտցուցին խումբին 98 եւ 102 տարեկան համակիրները` Օլկա եւ Վերա քոյրերը, որոնք արդէն իսկ 85 տարիէ ի վեր ձեռք ձգած են Մանչեսթըր ակումբի տնային խաղերուն բաժանորդագիրները: Անոնք չեն բացակայած Սիթիի` իր դաշտին վրայ կատարած ոչ մէկ մրցումէն: Սիթի Ֆուլհեմի դէմ 3...

Քալչիօ. Եուվենթուսի 4-րդ Յաղթանակը Եւ Ռոնալտոյի Տուպլէն

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գործող ախոյեան Եուվենթուս արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը` 2 - 1 արդիւնքով յաղթելով Սասուոլոյին: Եուվէի այս յաղթանակը կերտեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ տուպլէ մը իրագործեց (50-րդ եւ 65-րդ): Ան նշանակեց այս տարեշրջանի իր առաջին երկու կոլերը` «Քալչիօ»-ի մրցումներուն:

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Ցարդ Անպարտելի

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Ռէալ Սոսիետատին, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2 - 1 արդիւնքով: Լուիս Սուարեզ (63-րդ) եւ Օսմանէ Տեմպելէ (66-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը: Այսպիսով, Պարսելոնա միակ խումբն է, որ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով առաւելագոյն 12 կէտերը: Ռէալ Մատրիտ, որ առաջին երեք...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Նոր Զելանտա

Չինաստանի դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (92-88), երէկ` ուրբաթ, 14 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը մեկնեցաւ Նոր Զելանտա, որուն ազգային խումբին դէմ պիտի կատարէ իր մրցումը (Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ), որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան 2019-ին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերուն անունները: Նոր Զելանտայի դէմ մրցումը (Բ. հանգրուան) տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 17...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ կը մրցի Սաժեսի դէմ: ՀՄԸՄ-ի համակիրները խիտ շարքերով պէտք է ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն իրենց կազմը: Պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կատարեց շարք մը բարեկամական փորձ-մրցումներ:...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

- Այսօր` Նիւքասըլ – Արսենալ - Վաղը` Եուվենթուս - Սասուոլօ Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան շարք մը հետաքրքրական մրցումներ: Անգլիոյ մէջ, Արսենալ հիւրը պիտի ըլլայ Նիւքասըլին, մինչ Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ իրենց մրցումները պիտի կատարեն իրենց դաշտերէն դուրս, յաջորդաբար` Ռէալ Սոսիետատի եւ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ: Գերմանիոյ մէջ, Պայէրն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Պայէր Լեւերքուզընը,...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Աւօ Մումջողլեան – Ռաշիտ Պըպպօ Զոյգը` Լիբանանի Տղոց Զոյգի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց անհատական, զոյգի եւ խառն զոյգի Լիբանանի ախոյեանութիւնը: Ժընուպ Թուլին մաս կազմող Մոհամետ Համիէ հանդիսացաւ Լիբանանի նոր ախոյեան` յաղթելէ ետք տարիներով Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ռաշիտ Պըպպոյին (Ֆետի Աքտաս ակումբ): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Հասան Շըպիպ (Ղատիր Ժըպշիթ) եւ Հիլալ Մուխթար (Ֆետի Աքրաս): Աղջկանց...

Հեծելարշաւ. Էտկար Ստեփանեան Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 1 Արծաթ Մետալի

Հայաստանի զօրաւորագոյն հեծելանւորդ Էտկար Ստեփանեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացաւ 2 մետալի: Հեծելարշաւի Սքրեչի մրցումներուն, ան շահեցաւ ոսկի մետալ մը, մինչ Օնիումի մրցումներուն ան ապահովեց արծաթ մետալ մը:

Կռփամարտ. Պաչքով, Յովհաննիսեան Եւ Մանասեան Նուազագոյնը Ապահովեցին Պրոնզ Մետալներ

Պոլսոյ մէջ շարունակուող կռփամարտի մրցաշարքի մը իրենց մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզ մետալներ` հասնելով կիսաւարտականին, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այդ երեք մարզիկներն են` Արթուր Յովհաննիսեան (52 քկ), Նարեկ Մանասեան (91 քկ) եւ Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ), որոնք մրցավայր մեկնեցան մարզիչ Ռուդիկ Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ:

Պասքեթպոլ. 2019-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Յաղթեց Չինաստանին Երկարաձգումէն Ետք` 92-88 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. 2019-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Չինաստանին Երկարաձգումէն Ետք` 92-88 Արդիւնքով

Աշխարհի պասքեթպոլի 2019-ի ախոյեանութեան զտումի Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ գիշեր Լիբանանի տղոց ազգային խումբը իր հազարաւոր համակիրներուն ներկայութեան տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաջողեցաւ յաղթել իր հիւրին` Չինաստանի, երկարաձգումէն ետք, 92-88 արդիւնքով: Մրցումին քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-20, 36-36, 54-61 եւ 77-77: Լիբանանի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իրենց մեծ դերը ունեցան Լիբանանի համակիրները, որոնք եկած էին «Նուհատ...

Page 792 of 1278 1 … 791 792 793 … 1,278

Արխիւներ