Աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ Լիբանան – Չինաստան ճակատումը:
Ինչպէս ծանօթ է, աւելի քան տասը օրէ ի վեր Լիբանանի տղոց կազմը կը կատարէ յատուկ բանակումներ` պատրաստուելու համար այս մրցումին:
Լիբանանի կազմը նախապէս երեք անգամ (2002, 2006 եւ 2010) մասնակցած է այս ախոյեանութեան: Իր լաւ արդիւնքներուն շնորհիւ Լիբանան պիտի մասնակցի չորրորդ անգամ ըլլալով:
Մեկնելով այս իրողութենէն` լիբանանցիներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: