«Սթատ Մարք» մարզադաշտը, որ կը գտնուի Մոնաքոյի մէջ, նոր անուանում ստացաւ, 2018-ի մոնտիալին Ֆրանսայի աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով:
Ինչպէս կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»-ը, ոչ այդքան մեծ այս մարզադաշտը, որ կը գտնուի Մոնաքոյի գլխաւոր մարզադաշտին` «Լոռի Բ.»-ի մօտ, անուանափոխուեցաւ եւ ունեցաւ նոր անուն մը` «Տիտիէ Տեշանի մարզադաշտ» ի պատիւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշանի:
Այս հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մոնաքոյի Իշխան Ալպերթ Բ., Տեշանի կինն ու որդին, ինչպէս նաեւ շուրջ 500 հրաւիրեալներ:
Նախապէս Տեշանի ծննդավայր Պայոնն քաղաքին մէջ (Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքը) այլ մարզադաշտ մը կրեց անոր անունը: