Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 59-րդ ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուելիք Նըժմէ – Անսար մրցումին վայրը տեղափոխուեցաւ Թրիփոլի:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ:
Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Թրիփոլիի մէջ սկսելիք այս մրցումին ֆետերասիոնին կողմէ հսկիչ նշանակուեցաւ Իմատ Թորոս:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, ներքին ապահովութեան ուժերը ֆետերասիոնին յայտնած են, թէ մրցումին վայրը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի… ապահովական պատճառներով: