«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ֆինլանտացի վարորդ Քիմի Ռայքոնըն յայտնեց, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ «Ֆեռարի»-էն:
38 տարեկան Ռայքոնըն 2 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց «Սաուպըր» ընկերութեան հետ, որուն կը միանայ այս տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք:
«Ֆորմիւլա-1»-ի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ռայքոնըն «Ֆեռարի»-ի հետ հանդէս եկած է նաեւ 2007-2009 ժամանակամիջոցին: Ան «Ֆեռարի» վերադարձաւ 2017-ին:
Այս տարեշրջանին ան կը գրաւէ վարորդներու դասաւորման երրորդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 164 կէտ: