Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով` առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը կը մրցի Նոր Զելանտայի դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ռոթորուա քաղաքին մէջ գտնուող «Էնըրճի Սիթի Սենթըր» մարզադաշտին վրայ:
Այս մրցումին յաղթականը պիտի գրաւէ Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, բնականաբար ապահովելով աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը (Չինաստանի մէջ)` առանց սպասելու իր վերջին չորս մրցումներուն արդիւնքներուն:
Միջազգային դասաւորման մէջ Լիբանան դասուած է 54-րդ, իսկ նոր Զելանտա` 38-րդ:
Լիբանան այս տարի զտումի երկու մրցում եւս ունի կատարելիք (Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի մէջ), մինչ վերջին երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Լիբանանի մէջ` 2019-ին (Նոր Զելանտա եւ Հարաւային Քորէա):