Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Մանչեսթըր Սիթիի ֆութպոլիստները իրենց հետ խաղադաշտ մտցուցին խումբին 98 եւ 102 տարեկան համակիրները` Օլկա եւ Վերա քոյրերը, որոնք արդէն իսկ 85 տարիէ ի վեր ձեռք ձգած են Մանչեսթըր ակումբի տնային խաղերուն բաժանորդագիրները: Անոնք չեն բացակայած Սիթիի` իր դաշտին վրայ կատարած ոչ մէկ մրցումէն:
Սիթի Ֆուլհեմի դէմ 3 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 13 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Չելսի (առաջին) եւ Լիվըրփուլ (երկրորդ) ապահոված են առաւելագոյն 15 կէտերը:
Չելսի յաղթեց Քարտիֆի (4 – 1), իսկ Լիվըրփուլ` Թոթենհամի (2 – 1):
Արսենալ արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը (անիկա կրած է երկու պարտութիւն)` 2 – 1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Նիւքասըլի դաշտէն:
Այս մրցումին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դաշտ ներկայացաւ 69-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Արսենալի իր խմբակիցը` Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը:
Ուշագրաւ եղաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի արձանագրած յաղթանակը` Ուաթֆորտի դէմ (2 – 1), որ յաջորդական չորս յաղթանակներ արձանագրելէ ետք կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Հետաքրքրական եղաւ այլ կէտ մըն ալ: Լիվըրփուլ եւ Չելսի իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ յաջողեցան 110 տարուան ընթացքին Անգլիոյ Ա. դասակարգին մէջ հանդիսանալ առաջին երկու խումբերը, որոնք 5 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրեցին առաջին 5 մրցումներուն:
Նախապէս նման արդիւնք արձանագրուած էր 1908-1909 տարեշրջանին: