Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ կը մրցի Սաժեսի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրները խիտ շարքերով պէտք է ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն իրենց կազմը:
Պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կատարեց շարք մը բարեկամական փորձ-մրցումներ:
Խումբին մարզիկներուն մօտ տրամադրութիւնները բարձր են: Անոնք պատրաստ են արձանագրելու տպաւորիչ արդիւնքներ` իրենց մրցակիցներուն դէմ:
Հայրենի ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանդիլեան, որ անցեալին մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ-ին, վերադարձած է:
Խումբին երկրորդ օտարականն է Սամի Պիայէ (Սենեկալ): Կազմին մէջ է նաեւ պաղեստինցի Խալետ Ըպրիք:
Իսկ խումբին մաս կազմող մնացեալ մարզիկները հետեւեալներն են (ցանկը հրապարակուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ` պաշտօնական նամակով մը):
Քրիսթիան Թիմունեան, Շանթ Գէորգեան, Գաբրիէլ Շիշոյեան, Արման Խտըրլարեան, Սաժետ Պալշէ, Ալի Նասրէտտին, Վարդան Պոյաճեան, Գրիգոր Աւետիսեան, Ժոզեֆ Ապու Ռըժէյլի, Ալեքսանտր Քէօսէեան, Ճօ Էսպեր, Էլի Պալաուժի, Վիգէն Թանաշեան, Յարութ Սարգիս, Ճիորճիօ Ստեփան, Կարապետ Աւետիսեան, Սագօ Թասլաքեան, Շահան Տումանեան, Հիւսէյն Ամմար, Յարութիւն Մումջողլեան, Աւետիս Յարութիւնեան, Խաժակ Սինանեան, Սարգիս Ազնաւուր, Ժան-Փոլ Քոնճեան, Ալի Համիէ, Տիգրան Վարդան, Ալեք Ալճեան, Գէորգ Գումաշեան, Յակոբ Նաճարեան, Սերժ Չաքըրեան եւ Մամաս Քէհէեան:
Իսկ խումբին մարզիչն է Հասան Մըքտատ (Միտօ):
Ստորեւ կու տանք, այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Սաժես – ՀՄԸՄ | 15:30 | Սաֆա |
Ահլի Նապաթիէ – Պըրժ | 15:30 | Քֆարժոզ |
Շապապ Պըրժ – Շապապ Արապի | 15:30 | Ահտ |
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Նասեր Պար Էլիաս | 15:30 | Սուր |
ՎԱՂԸ | ||
Նահտա Պար Էլիաս – Իժթիմահի | 15:30 | Խիարա |
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 59-րդ ախոյեանութիւնը, որ սկզբունքով պիտի սկսէր այս շաբաթավերջին, շաբաթով մը յետաձգուեցաւ` ապահովական պատճառներով:
Քանի մը օր առաջ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, ընդառաջելով ներքին ապահովութեան ուժերու յորդորին, Նըժմէ – Անսար մրցումը Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանէն տեղափոխեց Թրիփոլի` նոյն պատճառով: Սակայն աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ Ա. հանգրուանի բոլոր մրցումները կը յետաձգուին:
Կը կարծուի, որ յառաջիկայ շաբաթ ֆետերասիոնը պիտի յայտարարէ մրցումներուն կայացման նոր թուականները, մանաւանդ Նըժմէ – Անսար մրցումին վայրը: