Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց անհատական, զոյգի եւ խառն զոյգի Լիբանանի ախոյեանութիւնը:
Ժընուպ Թուլին մաս կազմող Մոհամետ Համիէ հանդիսացաւ Լիբանանի նոր ախոյեան` յաղթելէ ետք տարիներով Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ռաշիտ Պըպպոյին (Ֆետի Աքտաս ակումբ): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Հասան Շըպիպ (Ղատիր Ժըպշիթ) եւ Հիլալ Մուխթար (Ֆետի Աքրաս):
Աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ), որ աւարտական մրցումին յաղթեց իր խմբակիցին` Մալաք Խուրիի:
Երրորդ դիրքը գրաւեցին Նոել Քէշիշեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) եւ Լեթիսիա Ազար (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա):
Խառն զոյգի ախոյեան հանդիսացաւ Ահմետ Հարպ (Լիբանանեան բանակ) – Մարիանա Սահակեան զոյգը, որ աւարտականին յաղթեց Աւօ Մումջողլեան – Լարա Քեչեպաշեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) զոյգին:
Տղոց զոյգի ախոյեան հանդիսացաւ Աւօ Մումջողլեան – Ռաշիտ Պըպպօ զոյգը, որ աւարտականին յաղթեց Մոհամետ Հապաշ – Մուսթաֆա Հապաշ (Ահլի Սայտա) զոյգին:
Վերջապէս, աղջկանց զոյգի ախոյեան հանդիսացաւ Սահակեան-Խուրի զոյգը, որ աւարտականին յաղթեց Լեթիսիա եւ Թալիա Ազար զոյգին:
Միրէյ Պոյաճեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) – Քլարա Շելալ (Քֆարշիմա) զոյգը հանդիսացաւ երրորդ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: