«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, յաղթանակով աւարտեց «Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Սինկափուրի կրան փրին:
«Ռետ-Պուլ»-ի հոլանտացի ներկայացուցիչը Մաքս Վերսթափեն գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց գերմանացի Սեպասթիան Վեթել («Ֆեռարի»):
Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, Հեմիլթըն ունի 281 կէտ եւ 40 կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքը գրաւող Վեթելը:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 6 հանգրուան:



