Չինաստանի դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (92-88), երէկ` ուրբաթ, 14 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը մեկնեցաւ Նոր Զելանտա, որուն ազգային խումբին դէմ պիտի կատարէ իր մրցումը (Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ), որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան 2019-ին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերուն անունները:
Նոր Զելանտայի դէմ մրցումը (Բ. հանգրուան) տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այս մրցումէն ետք, Լիբանան երկու մրցում եւս ունի կատարելիք իր դաշտէն դուրս` Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի դէմ:
Ապա, վերջին երկու մրցումներուն, Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Նոր Զելանտան եւ Հարաւային Քորէան: