Մարզական

Ըմբշամարտ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Նախագահը Յետս Կոչեց Իր Հրաժարականը

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին նախագահ Օմար Խալետ Իսքանտարանի յետս կոչեց իր ներկայացուցած հրաժարականը` ընդառաջելով ֆետերասիոնին անդամներուն բուռն փափաքին: Իսքանտարանի շնորհակալութիւն յայտնեց ֆետերասիոնի անդամներուն իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած այս մեծ վստահութեան համար` ըսելով, որ պիտի շարունակէ վարել նախագահի իր պաշտօնը ի խնդիր այս մարզի վերելքին:  

Արթուր Վանեցեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեան ընտրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին արտակարգ ժողովին մասնակցած բոլոր պատուիրակները միաձայնութեամբ քուէարկեցին ի նպաստ Արթուր Վանեցեանի: Նոր նախագահի այս ընտրութեան ներկայ չէր նախկին նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, որ իր պաշտօնը վարեց 2002-էն 2018: Ֆետերասիոնին 16-րդ համագումարին Հայրապետեան ըսաւ, որ եթէ Վանեցեան իր թեկնածութիւնը առաջարկէ, ինք այս պաշտօնին համար թեկնածու պիտի չներկայանայ:...

Վարդան Մինասեան Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւններէն (22 սեպտեմբեր) մէկ օր առաջ ազգային խումբին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ ֆետերասիոնին նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին եւ ֆետերասիոնին անդամներուն կողմէ: Ան հաւաքականին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

Պունտըսլիկա. Պայէրն Միւնիխի 4-րդ Յաղթանակը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 4-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ ախոյեան` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Շալքէի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այս մէկը անոր 4-րդ յաղթանակն էր: Խեմես Ռոտրիկեզ (8-րդ) եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (64-րդ` փենալթիով) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը: Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրը եղաւ Հոֆընհայմին, արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 1-1 արդիւնքով: Քրիսթիան Փուլսիչ նշանակեց Տորթմունտի հաւասարութեան կոլը (84-րդ), մինչ անոր խմբակից` Ապտու...

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սաութհեմբթընը: Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի երրորդ կոլը (45-րդ): Մանչեսթըր Եունայթըտ, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Վուլվզի հետ: Հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 53-րդ վայրկեանին: Տպաւորիչ յաղթանակ մը ունեցաւ նաեւ...

«Քալչիօ». Ռոնալտօ Կոլ Մը Նշանակեց Եուվենթուսի Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Քալչիօ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ախոյեան Եուվենթուս ապահովեց տարեշրջանի իր 15-րդ կէտը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆրոսինոնէի դաշտէն` արձանագրելով իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը: Մրցումին 81-րդ վայրկեանին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց առաջին կոլը, մինչ Ֆետերիքօ Պեռնարտեսքի նշանակեց երկրորդ կոլը` 94-րդ վայրկեանին: Եուվենթուս այժմ երեք կէտով կը գերազանցէ Նափոլին, որ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թորինոյի...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Կորսնցուց Տարեշրջանի Իր Առաջին Երկու Կէտը` Չկարենալով Յաղթել Կիրոնային

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Պարսելոնա, որ տարեշրջանի իր առաջին չորս մրցումներուն արձանագրած էր չորս յաղթանակ, երէկ գիշեր կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, երբ չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Կիրոնային: Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, երբ Ժերար Փիքէ նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը (63-րդ): 19-րդ վայրկեանին, Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը, որմէ ետք հիւր...

«Լա Լիկա»-ի Որեւէ Մրցում Տեղի Պիտի Չունենայ Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ կը մերժէ «Լա լիկա»-ի առաջարկը, որ կ՛ուզէր 21-րդ հանգրուանի Ժիրոնա - Պարսելոնա մրցումը կայացնել Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ըստ ֆետերասիոնին, մրցումին նախաձեռնութեան մէջ չտեսաւ որեւէ դրական կողմեր: Մերժման այս նամակին մէջ նշուած է, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, «ՖԻՖԱ»-ն եւ Սպանիոյ կառավարութիւնը եւս դէմ են «Լա լիկա»-ի մրցում մը Մ. Նահանգներու մէջ կայացնել:...

2-12 Հոկտեմբեր 2018-ին. Պէյրութ Կը Հիւրընկալէ Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւնը

Ինչպէս ծանօթ է, Պէյրութ ակումբը նախորդ 15 դեկտեմբերին իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2-12 հոկտեմբերին, Շիահի մէջ գտնուող Պէյրութի ակումբին մէջ: Պէյրութ ակումբին ընտրութիւնները տեղի ունեցան 8 դեկտեմբեր 2017-ին, չորս տարուան համար: Անոր վարչութեան անդամներուն պաշտօնավարութեան ժամանակը կ՛աւարտի 7 դեկտեմբեր 2021-ին: Հակիրճ ակնարկ մը նետելով Պէյրութ ակումբին վրայ կրնանք նշել, որ անիկա...

Թենիս.  Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Թենիս. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Լիբանանի թենիսի պատուիրակութիւնը Թայլանտէն վերադարձաւ Պէյրութ, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքին: Մայրիներու կազմը 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք դաշտին տիրոջը, բարձրացաւ Ա. դասակարգ: Օլիվըր Ֆայսալ Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան: Պատուիրակութեան հետ էր նաեւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սայեղ եւ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Նըժմէ – Անսար Մրցումը` Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբերին

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ նախորդ շաբաթավերջին սկսելիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ՈՒՐԲԱԹ, 21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Նըժմէ - Անսար 21:30 Մարզական Աւան ՇԱԲԱԹ, 22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ Շապապ Ղազիէ - Թատամոն Սուր 15:30 Քֆարժոզ Ախա Ահլի Ալէյ - Սալամ Զղարթա 15:30 Պհամտուն Թրիփոլի - Շապապ...

Պէյրութեան Համալսարանական Խաղեր. Սեն Ժոզեֆ Տիրացաւ 11 Մետալի

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ համալսարաններու, տեղի ունեցան պէյրութեան համալսարանական խաղերը: Սեն Ժոզեֆ համալսարանը, արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ, տիրացաւ 11 մետալի (4 ոսկի, 4 արծաթ, 3 պրոնզ): Կիրարկուեցան հենտպոլի, թենիսի, պասքեթպոլի, ֆութսալի, փինկ փոնկի եւ այլ տեսակի մարզաձեւեր: Պէյրութեան համալսարանական խաղերը տեղի կ՛ունենային առաջին անգամ ըլլալով:

Ժիւտօ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Ցարդ Պաքուէն Գրաւոր Երաշխիք Չէ Ստացած

20-27 սեպտեմբերին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ ժիւտոյի աշխարհի 2018-ի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան Հայաստանի մասնակցութեան հարցը ցարդ անորոշ կը մնայ, որովհետեւ հայկական կողմը Ազրպէյճանէն անվտանգութեան գրաւոր երաշխիք չէ ստացած: Սակայն Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հակառակ ատոր, Հայաստան կը նախապատրաստուի անոր` Թիֆլիսի մէջ յատուկ բանակում մը կատարելով: Այս ախոյեանութեան Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Ֆերտինանտ Կարապետեան: Անոր գլխաւոր...

Ծանրաբարձութիւն. 2018-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականին Կազմերը Յստակացան

1-11 նոյեմբերին Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց հաւաքականի կազմերը, որոնք պիտի մասնակցին այս ախոյեանութեան: Տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Անդրանիկ Կարապետեան (81 քկ), Ժորժ Եղիկեան (81 քկ), Յակոբ Մկրտչեան (89 քկ), Արսէն Մարտիրոսեան (102 քկ), Սամուէլ Գասպարեան (102 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (109...

Կիպրական Ֆութպոլ. Համբարձումեան Կարմիր Քարտ Մը Ստացաւ. Յովսէփեան Նշեց Իր Նորամուտը

Կիպրոսի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Էնոսիս 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օմոնիայի դաշտին վրայ: Հայաստանի հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, որ հիւր կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն կարմիր քարտ մը ստացաւ: Կիպրոսի Ա. լիկայի առաջին հանգրուանին, Լաքաթամիաս 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քարմիոթիսայի դաշտէն: Հիւրերու կազմէն, իր նորամուտը նշեց Արարատ Երեւանի նախկին ֆութպոլիստ Դաւիթ...

«Չեմփիընզ Լիկ» Պարսելոնա 4-0 Արդիւնքով Յաղթական. Մեսսի` Հեթրիքի Հեղինակ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ խմբակներու դրութեամբ սկսաւ երէկ, Պարսելոնա տպաւորիչ ձեւով սկսաւ իր ելոյթներուն, երբ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` հոլանտական ՓՍՎ Այնտհովընը: Այս յաղթանակին մէջ իր մեծ դերը ունեցաւ խմբապետ Լիոնել Մեսսի, որ հեթրիք մը իրագործեց (32-րդ, 77-րդ եւ 87-րդ)` աւելի քան 73 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Նշենք, որ այսպիսով Մեսսի Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիկ...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Նոր Զելանտա Դժուարութեամբ Յաղթեց Լիբանանին` 63-60 Արդիւնքով

Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը անբախտ գտնուեցաւ, երբ երեք կէտի տարբերութեամբ` 63-60 արդիւնքով պարտուեցաւ Նոր Զելանտայէն, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Մրցումին աւարտէն կարճ ժամանակ առաջ Լիբանան յաղթական էր, սակայն դաշտին տէրերը աւելի բախտաւոր գտնուելով, տարին վերջնական յաղթանակը եւ 15 կէտով գրաւեցին Բ. խմբակին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 78-70

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցան իրարու դէմ: ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերը Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի կազմին յաղթանակով` 78-70 արդիւնքով: Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պէյրութ կէտի մը տարբերութեամբ յաղթական էր (32-31):

«Էմ. Էմ. Էյ.». Կարինէ Կարապետեան Յաղթեց Ռամիլ Սաֆարովի Քրոջ

Հայաստանի արհեստավարժ «Արմֆայթինկ» ֆետերասիոնի մարզիկ` Կարինէ Կարապետեան Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի միջազգային մրցաշարքին յաղթեց ազրպէյճանցի մարզիկ Ռենա Սաֆարովին, որ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի քոյրն է: «Յաղթանակս կը նուիրեմ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին», ըսած է Կարինէ Կարապետեան` իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք:

Լրագրողներու Ֆութպոլի Միջազգային Մրցաշարք. Հայաստանի Խումբը Հանդիսացաւ Երրորդ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիթուանիոյ մէջ աւարտեցաւ լրագրողներու ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար 14-րդ անգամն ըլլալով: 10 խումբերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականը յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով գրաւեց երրորդ դիրքը: Պիելոռուսիոյ կազմը տիրացաւ տիտղոսին, մինչ երկրորդ հանդիսացաւ Ռուսիա:  

Page 791 of 1278 1 … 790 791 792 … 1,278

Արխիւներ