Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գործող ախոյեան Եուվենթուս արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը` 2 – 1 արդիւնքով յաղթելով Սասուոլոյին:
Եուվէի այս յաղթանակը կերտեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ տուպլէ մը իրագործեց (50-րդ եւ 65-րդ):
Ան նշանակեց այս տարեշրջանի իր առաջին երկու կոլերը` «Քալչիօ»-ի մրցումներուն:



