Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 2 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալի, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
91 քկ դասակարգին մէջ, Նարեկ Մանասեան աւարտականին յաղթեց անգլիացի իր մրցակիցին:
52 քկ դասակարգին մէջ, իր կարգին Արթուր Յովհաննիսեան տիրացաւ ոսկի մետալին` աւարտականին յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին:
Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ 64 քկ դասակարգին մասնակցած Յովհաննէս Պաչքով, որ կիսաւարտականին անարդար իրաւարարութեան պատճառով պարտուեցաւ իր թուրք մրցակիցէն:
Իր կատարած այս մենամարտէն քանի մը ժամ ետք, Պաչքով դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց.
«Ես Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի պատիւը բարձր պահեցի, որովհետեւ ոչ մէկ ռաունտի պարտուեցայ: Այդտեղ յաղթանակս գողցան, որմէ ետք ըսին, թէ ատոր համար ներողութիւն կը խնդրեն: Բոլոր հոն գտնուողներն ալ ըսին, թէ անարդար մենամարտ մը եղաւ դէմս»: