Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը շատ հաւանաբար տուգանքի ենթարկէ ակումբին ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերին:
Նախորդ շաբաթավերջին Պայէր Լեւերքուզընի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի 3-րդ հանգրուանին, 35 տարեկան Ռիպերի, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, մարզիչ Նիքօ Քովաչի կատարած երրորդ փոփոխութենէն ետք ուղղուեցաւ հանդերձարան, մինչ մրցումին աւարտին մնացած էր 7 վայրկեան:
Ան հոնկէ ալ թաքսիով մը հեռացաւ մարզադաշտէն, յայտնեց «Ֆրանս-ֆութպոլ»-ը: