Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերը մաս կը կազմեն Բ. խմբակին:
Այս մրցումին պիտի կանխէ Մութթահետ – Անուար մրցումը, երեկոյեան ժամը 18:00-ին` նոյն վայրին մէջ:


