Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Ռէալ Սոսիետատին, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2 – 1 արդիւնքով:
Լուիս Սուարեզ (63-րդ) եւ Օսմանէ Տեմպելէ (66-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը:
Այսպիսով, Պարսելոնա միակ խումբն է, որ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով առաւելագոյն 12 կէտերը:
Ռէալ Մատրիտ, որ առաջին երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դաշտին վրայ, արձանագրեց 1 – 1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` կորսնցնելով տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտերը:
63-րդ վայրկեանին Իսքօ նշանակեց Ռէալի հաւասարութեան կոլը:
Այլ մրցումի մը, Աթլեթիքօ Մատրիտ իր կարգին 1 – 1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էյպարի հետ:



