Լիբանանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի խումբը երէկ բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Թայլանտի դէմ (3 – 2), աւարտեց իր ելոյթները` Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասի Բ. դասակարգի մրցումներուն գծով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանի կազմը յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ, ուրկէ բացակայ էր աւելի քան 15 տարիէ ի վեր:
Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ ֆետերասիոնին անունով շնորհաւորեց մարզիկներն ու լիբանանցիները` արձանագրուած այս կարեւոր նուաճումին համար: