Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Քալչիօ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ախոյեան Եուվենթուս ապահովեց տարեշրջանի իր 15-րդ կէտը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆրոսինոնէի դաշտէն` արձանագրելով իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը:
Մրցումին 81-րդ վայրկեանին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց առաջին կոլը, մինչ Ֆետերիքօ Պեռնարտեսքի նշանակեց երկրորդ կոլը` 94-րդ վայրկեանին:
Եուվենթուս այժմ երեք կէտով կը գերազանցէ Նափոլին, որ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թորինոյի դաշտին վրայ:
Մարսելօ Պրոզովիչի նշանակած կոլին շնորհիւ (90-րդ վայրկեանին), Ինթեր Միլան 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սամտորիայի դաշտէն:
Սակայն Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ա. Սէ. Միլան, չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Աթալանթային, նկատի ունենալով, որ վերջինս մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան (2-2) կոլը:



