Կիպրոսի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Էնոսիս 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օմոնիայի դաշտին վրայ:
Հայաստանի հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, որ հիւր կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Կիպրոսի Ա. լիկայի առաջին հանգրուանին, Լաքաթամիաս 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քարմիոթիսայի դաշտէն:
Հիւրերու կազմէն, իր նորամուտը նշեց Արարատ Երեւանի նախկին ֆութպոլիստ Դաւիթ Յովսէփեան, որ փոխարինուեցաւ 70-րդ վայրկեանին: