Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ կը մերժէ «Լա լիկա»-ի առաջարկը, որ կ՛ուզէր 21-րդ հանգրուանի Ժիրոնա – Պարսելոնա մրցումը կայացնել Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Ըստ ֆետերասիոնին, մրցումին նախաձեռնութեան մէջ չտեսաւ որեւէ դրական կողմեր:
Մերժման այս նամակին մէջ նշուած է, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, «ՖԻՖԱ»-ն եւ Սպանիոյ կառավարութիւնը եւս դէմ են «Լա լիկա»-ի մրցում մը Մ. Նահանգներու մէջ կայացնել:
Նշենք, որ «Լա լիկա»-ի նախագահը Խաւիէ Թեպաս, առանց ակումբներուն եւ ֆետերասիոնին համաձայնութեան պայմանագիր մը կնքած էր, ամերիկեան գործընկերներու հետ:



