Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Պարսելոնա, որ տարեշրջանի իր առաջին չորս մրցումներուն արձանագրած էր չորս յաղթանակ, երէկ գիշեր կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, երբ չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Կիրոնային:
Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, երբ Ժերար Փիքէ նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը (63-րդ): 19-րդ վայրկեանին, Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը, որմէ ետք հիւր կազմը նշանակեց 2 կոլ:
Նշենք, որ Պարսելոնային մաս կազմող Քլեման Լեկլէ 35-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Պարսելոնա իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ միայն կը գերազանցէ Ռէալ Մատրիտին, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Էսփանիոլին: Մարքօ Ասենսիօ նշանակեց Ռէալի կոլը (41-րդ):
Այժմ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ ունին 13-ական կէտ: