Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 4-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ ախոյեան` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Շալքէի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այս մէկը անոր 4-րդ յաղթանակն էր:
Խեմես Ռոտրիկեզ (8-րդ) եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (64-րդ` փենալթիով) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրը եղաւ Հոֆընհայմին, արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 1-1 արդիւնքով: Քրիսթիան Փուլսիչ նշանակեց Տորթմունտի հաւասարութեան կոլը (84-րդ), մինչ անոր խմբակից` Ապտու Տիալու, կարմիր քարտ մը ստացաւ (75-րդ):



