Երէկ` երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Լիբանանի թենիսի պատուիրակութիւնը Թայլանտէն վերադարձաւ Պէյրութ, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքին: Մայրիներու կազմը 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք դաշտին տիրոջը, բարձրացաւ Ա. դասակարգ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան:
Պատուիրակութեան հետ էր նաեւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սայեղ եւ ուրիշներ:
Իսկ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորելու եկած էին միջազգային ողիմպիական դասախօս, Մոն լա Սալի նախագահ Ժիհատ Սալամէ, թենիսի ֆետերասիոնին անդամները, մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ խօսք առնելով ըսաւ, որ ասիկա կը նկատուի բաւական մեծ իրագործում մը, այդ իսկ պատճառով, արձանագրուած այս յաղթանակը կը նուիրենք Լիբանանի մէջ բոլոր թենիս խաղացողներուն:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ ,«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպութեամբ 24 սեպտեմբերէն 7 հոկտեմբեր վերոնշեալ ակումբի դաշտերուն վրայ տեղի պիտի ունենան թենիսի երկու տաբեր մրցաշարքեր` հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին:
Այդ գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ տալու նպատակով, կազմակերպիչ ակումբը Քասլիքի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:
PROFOTO