Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցան իրարու դէմ:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի կազմին յաղթանակով` 78-70 արդիւնքով:
Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պէյրութ կէտի մը տարբերութեամբ յաղթական էր (32-31):