Ինչպէս ծանօթ է, Պէյրութ ակումբը նախորդ 15 դեկտեմբերին իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2-12 հոկտեմբերին, Շիահի մէջ գտնուող Պէյրութի ակումբին մէջ:
Պէյրութ ակումբին ընտրութիւնները տեղի ունեցան 8 դեկտեմբեր 2017-ին, չորս տարուան համար: Անոր վարչութեան անդամներուն պաշտօնավարութեան ժամանակը կ՛աւարտի 7 դեկտեմբեր 2021-ին:
Հակիրճ ակնարկ մը նետելով Պէյրութ ակումբին վրայ կրնանք նշել, որ անիկա կրցաւ Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին վստահութիւնը ձեռք ձգել, ինչ որ անոր իրաւունքը տուաւ հիւրընկալելու այս ախոյեանութիւնը:
Ակումբի վարչութեան անձնակազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն.
Նետիմ Հաքիմ (նախագահ), Էլի Սըմահա (փոխնախագահ), Ժոզեֆ Ապտել Մասիհ (ընդհանուր քարտուղար), Թարեք Քարամ (գանձապահ), Ժորժ Շալհուպ, Ատել Քարամ եւ հայր Ժիհատ Սալիպա (խորհրդականներ):
Ա. դասակարգին մէջ, առաջին իսկ տարեշրջանին ընթացքին (2016-2017), Պէյրութի տղոց կազմը հասաւ ֆայնըլ-ֆորին, ինչ որ կը նկատուի շատ կարեւոր նուաճում մը:
Նախապէս Պէյրութ յաջողեցաւ քանի մը անգամ լաւապէս հիւրընկալել Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքը:
Այս բոլորէն մեկնելով, անոր իրաւունք տրուեցաւ արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, որպէսզի հիւրընկալէ արաբական ակումբներու ախոյեանութիւնը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: