20-27 սեպտեմբերին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ ժիւտոյի աշխարհի 2018-ի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանի մասնակցութեան հարցը ցարդ անորոշ կը մնայ, որովհետեւ հայկական կողմը Ազրպէյճանէն անվտանգութեան գրաւոր երաշխիք չէ ստացած:
Սակայն Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հակառակ ատոր, Հայաստան կը նախապատրաստուի անոր` Թիֆլիսի մէջ յատուկ բանակում մը կատարելով:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ Ֆերտինանտ Կարապետեան:
Անոր գլխաւոր մարզիչ Թաթուլ Յովհաննիսեան ըսաւ.
«Եւրոպայի գործող ախոյեանը` Ֆերտինանտ Կարապետեանը պիտի ըլլայ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը Պաքուի մէջ:
«Եթէ պատահի, որ մեր անվտանգութիւնը ապահովող երաշխիքներ չստանանք, Վրաստանէն ուղղակի կը վերադառնանք Հայաստան` առանց մեկնելու Ազրպէյճան»: