ՖԻՖԱ. Կատարուեցաւ 2018-ի Մրցանակաբաշխութիւնը
Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ՖԻՖԱ-ի 2018 տարուան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացաւ Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ: Լուքա Մոտրիչ եւ Մարթա Մրցանակին տիրանալու թեկնածուներուն կարգին էին նաեւ Ռէալ Մատրիտէն Եուվենթուսի միացած փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ անգլիական Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ: Աղջկանց լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին 6-րդ տարին ըլլալով տիրացաւ պրազիլցի Մարթա: Թիպօ Քուրթուա Աշխարհի...

