Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը անբախտ գտնուեցաւ, երբ երեք կէտի տարբերութեամբ` 63-60 արդիւնքով պարտուեցաւ Նոր Զելանտայէն, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Մրցումին աւարտէն կարճ ժամանակ առաջ Լիբանան յաղթական էր, սակայն դաշտին տէրերը աւելի բախտաւոր գտնուելով, տարին վերջնական յաղթանակը եւ 15 կէտով գրաւեցին Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Լիբանան 14 կէտով երկրորդ է:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Էլի Ռըսթոմ (19 կէտ), ապա` Աթեր Մաճոք (13) եւ Ահմետ Իպրահիմ (11):
Լիբանանէն բացակայեցան, շարք մը մարզիկներ, որոնց կարգին` Ժան Ապտելնուր, Ամիր Սէուտ եւ Էլի Շամուն (վիրաւոր):
Երկու կազմերը իրարու դէմ յանդիման եկան չորրորդ անգամ ըլլալով: Նոր Զելանտա չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է: