Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սաութհեմբթընը:
Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի երրորդ կոլը (45-րդ):
Մանչեսթըր Եունայթըտ, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Վուլվզի հետ: Հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 53-րդ վայրկեանին:
Տպաւորիչ յաղթանակ մը ունեցաւ նաեւ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քարտիֆը անոր իսկ դաշտին վրայ:
Նշենք, որ վերջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերը` Նիւքասըլ, Քարտիֆ եւ Հատըրսֆիլտ, ցարդ յաղթանակ չեն արձանագրած:



