Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին նախագահ Օմար Խալետ Իսքանտարանի յետս կոչեց իր ներկայացուցած հրաժարականը` ընդառաջելով ֆետերասիոնին անդամներուն բուռն փափաքին:
Իսքանտարանի շնորհակալութիւն յայտնեց ֆետերասիոնի անդամներուն իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած այս մեծ վստահութեան համար` ըսելով, որ պիտի շարունակէ վարել նախագահի իր պաշտօնը ի խնդիր այս մարզի վերելքին:



