Կազմակերպութեամբ Սփորթց Մանիա ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) սկիզբ առաւ «Թելքոմ»-ի պասքեթպոլի մրցաշարքը, բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ հաղորդակցութեանց ընկերութիւններուն խումբերը.
«ԱԼՖԱ», «ԹԱՉ», «Էյ. Փի. Թի.-Փաուըր թեք», «Էրիքսըն», «Օժերօ» եւ «Հուաուէյ»:
Բաւական տաք մրցումէ մը ետք, երկու կէտի տարբերութեամբ միայն, աւարտեցաւ «ԹԱՉ» – «ԱԼՖԱ» մրցումը ի նպաստ առաջինին` 39-37 արդիւնքով: