Մեծաթիւ հիւրերու եւ յատուկ հրաւիրեալներու ներկայութեան, Ֆէյթրուն ակումբը կատարեց իր տարեկան հաւաքոյթը:
Ակումբի նախագահ Ֆարես Մտաուար, անդրադառնալով տարեշրջանի մը ընթացքին ակումբին ունեցած գործունէութիւններուն, յոյս յայտնեց, որ նոր տարեշրջանին ակումբը կը յաջողի յաւելեալ իրագործումներ արձանագրել տարբեր մարզաձեւերու մէջ:
Շնորհաւորանքի իր խօսքերուն մէջ ան նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Ռիատիին, Պէյրութին, Պիպլոսին եւ Սաժեսին պասքեթպոլի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ Սաթելիթի – Ֆէյթրուն ակումբին` ուոթըր-փոլոյի գծով:
Աւարտին Ֆարես Մտաուար 2018-ի ոսկեայ մետալով պատուեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքը` այս մարզաձեւին մէջ իր ունեցած կարեւոր ներդրումին համար: