Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անիելլի, որ միեւնոյն ժամանակ եւրոպական ֆութպոլի ակումբներու ֆետերասիոնին նախագահն է, յայտարարեց, որ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն թիւը 48-էն պիտի կրճատուի 32-ի:
«Կը ծրագրուի եւրոպական ֆութպոլի երրորդ մրցաշարք մը ստեղծել, որպէսզի այս ձեւով կարելի ըլլայ հաւասարակշռութիւնը պահել խումբերուն միջեւ:
«Ինչ կը վերաբերի «Չեմփիընզ-լիկ»-ին, անոր մասնակցող խումբերուն թիւը` 32, պիտի մնայ անփոփոխ», ըսաւ Անիելլի:



