Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ «Ատիտաս»-ի հետ համագործակցութիւնը դարձեալ երկարաձգուեցաւ, այդ ալ` մինչեւ 2026:
Կողմերը արդէն իսկ իրարու հետ կը համագործակցին 60 տարիէ ի վեր:
Նախկին պայմանագիրով Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Ատիտաս»-էն կը ստանար տարեկան 50 միլիոն եւրօ:
«Ատիտաս»-ի գործադիր տնօրէն Քասփըր Ռորսթետի ըսաւ, թէ ընկերութիւնը մեծ վստահութիւն ունի Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նկատմամբ եւ կ՛ուզէ անոր հետ իր համգործակցութիւնը շարունակել:



