Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, անոր Քասլիքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կազմակերպիչ ակումբը կը յայտարարէ աքուաթլոնի իր 5-րդ տարեկան մրցաշարքին կայացումը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 21 հոկտեմբերին` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Աքուաթլոնի այս մրցաշարքը կ՛ընդգրկէ լողարշաւ եւ վազք:
Անոր գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի տրուին այդ մամլոյ ասուլիսին, մինչ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 14 հոկտեմբեր: