Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող երկու ճաշարաններ հետաքրքրական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունեցան:
Անոնք պատրաստ են իրենց յաճախորդներուն հրամցնել անվճար փիցցաներ` Փարիզ Սեն Ժերմենի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի նշանակած իւրաքանչիւր կոլին համար:
Անոնց ներկայացուցած այս առաջարկէն կը հետեւցուի, որ ոչ ոք պիտի օգտուի եւ ձրի փիցցա պիտի ուտէ, որովհետեւ ցարդ իր կատարած 880 մրցումներուն ընթացքին Պիւֆոն ոչ մէկ կոլ նշանակած է…



