Նախորդ շաբաթավերջին Պաթումի մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային ճատրակի ողիմպիականի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
24 սեպտեմբերէն մինչեւ 5 հոկտեմբեր, 185 խումբեր պիտի պայքարին ախոյեան հանդիսանալու համար:
Վարկանշային յառաջատարը Միացեալ Նահանգներու հաւաքականն է: Հայաստանի հաւաքականը 8-րդն է:
Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորած խումբին մէջ ընդգրկուած են Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Իսկ Արթուր Չիբուխչեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի աղջկանց խումբը կը ներկայացնեն Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիա Քուրսովա եւ Սիրանուշ Ղուկասեան:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը ճատրակի ողիմպիականի եռակի ախոյեան է (2006, 2008 եւ 2012): 2016-ին Հայաստան իր մասնակցութիւնը չբերաւ այս համաշխարհային իրադարձութեան, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ, եւ հայրենի ներկայացուցիչներուն կեանքի ապահովութեան երաշխիքներ չտրուեցան Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ:
Ա. հանգրուանին Հայաստանի տղոց մրցակիցը եղաւ Ճափոնը, իսկ աղջկանցը` Խըրխըզիստանը:
Հայաստանի զոյգ խումբերն ալ երէկ գիշեր յաղթանակով սկսան ախոյեանութիւնը` իրենց տպաւորիչ ելոյթներով:
Տղոց կազմը, առանց Լեւոն Արոնեանի, 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին, մինչ աղջկանց կազմը եւս յաղթանակ մը արձանագրեց` նոյն արդիւնքով:
Ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 11 հանգրուանէ: