Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, մայրաքաղաքի կազմը` ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, ապահովեց առաւելագոյն 18 կէտը` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Ռեննին:
Այսպիսով, Սեն Ժերմեն կրկնեց իր անձնական մրցանիշը, որ հաստատուած էր նախորդ տարեշրջանին:
Անպարտելիութեան մրցանիշը կը պատկանի Լիլին, որ տարեշրջանի առաջին ութ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած էր:



