Սլովաքիոյ մէջ աւարտած ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ երկու պրոնզ մետալի:
57 քկ դասակարգին մէջ Արսէն Յարութիւնեան եւ 61 քկ դասակարգին մէջ Վազգէն Թեւանեան գրաւեցին երրորդ դիրքը:
Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը դարձեալ Սլովաքիոյ մէջ տիրացած էր մէկ ոսկի եւ 2 արծաթ մետալի:
Ախոյեան հանդիսացած էր Մալխաս Ամոյեան (67 քկ), մինչ արծաթէ մետալներու տիրացած էին Տիգրան Մինասեան (55 քկ) եւ Դաւիթ Յովասափեան (գերծանր կշիռ):