Գերմանիոյ երկրորդ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Համպուրկ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Եան Ռեկենսպուրկը, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան այս մրցումին հեթրիքի հեղինակ դարձաւ:
Այս մրցումէն ետք, այժմ Ադամեանի կազմը 7 կէտով կը գտնուի դասաւորման 13-րդ դիրքին վրայ, մինչ Համպուրկ, որ ապահոված է 12 կէտ, երկրորդ դիրքին վրայ է: 13 կէտով պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Քէօլն: