Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի ստացած վնասուածքը այդքան լուրջ չի թուիր ըլլալ, եւ ան բաւական ապաքինած է, կը յայտնէ անգլիական «Իվնինկ-Սթանտարտ»-ը:
Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի ֆութպոլիստը Արսենալի կատարած «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն դաշտ չներկայացաւ Էվըրթընի դէմ:
Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթ, երբ իր կազմը մրցում մը կը կատարէր «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով:
Շատ հաւանական է, որ այսօր վերջնականապէս յստականայ, թէ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ՞ վաղը` չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Պրետֆորտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք):