Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի 2-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, շաբաթ, 22 սեպտեմբերին Ժունիէի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ – Նահտա Պար Էլիաս մրցումը աւարտեցաւ պեքաայեան կազմին յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0):
Իրերայաջորդ երկու կոլերու շնորհիւ Պար Էլիաս 2-0 արդիւնքով գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը:
Թէեւ քիչ անց սենեկալցի Սեմի Պիայէ կրճատեց հաշիւը 2-1 արդիւնքով, սակայն հիւր կազմը նշանակեց իր երրորդ կոլը, որմէ ետք նոյնինքն Պիայէ նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, որ սակայն բաւարար չեղաւ ՀՄԸՄ-ը պարտութենէ մը փրկելու:
Նահտայի կոլերուն հեղինակները հանդիսացան Ֆետի Ապպաս, Պիլալ Սլէյման եւ Մոհամետ Ֆաթթուհ:
Այսպիսով ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, առաջին մրցումին արձանագրած հաւասարութենէն ետք:
3-րդ հանգրուանին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, ժամը 15:30-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Պըրժի դէմ, որ 2-րդ հանգրուանին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սաժեսի դէմ:
Ժունիէի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ – Նահտա Պար Էլիաս մրցումին ազդանշանը տրուելէ առաջ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ, Աշոտ Թասլաքեան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց խումբին նախկին մարզիկներ Սագօ Տօնապետեանին (մահացած) եւ Յակոբ Տօնապետեանին:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ, Նըժմէ տպաւորիչ յաղթանակով մը 4-2 արդիւնքով յաղթեց Անսարին:
Նըժմէի կոլերը նշանակեցին Ապու Պաքըր Մալ (8-րդ), Օմար Զէյնէտտին (31-րդ) եւ Նատեր Մաթար (89-րդ եւ 96-րդ` փենալթիով): Իսկ Անսարի կոլերը` Հաժ Մալեք Թալ (37-րդ) եւ Հուսամ Լաուաթի (59-րդ):
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Մոհամետ Տարուիշ:



