Սպանական ԱՍ մարզական օրաթերթը հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը կատարել Նիւ Եորքի մէջ:
Շատ հաւանական է, որ ասիկա տեղի ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ ամերիկեան շուկայի հսկայական կարելիութիւններէն:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պատասխանատուները արդէն իսկ կանխեցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս քայլը, որովհետեւ «Լա լիկա»-ի քանի մը մրցումներ արդէն իսկ կը ծրագրուի կատարել Միացեալ Նահանգներու մէջ:



