Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ամբողջական Կազմով Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

25 հոկտեմբերին Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի կ՛ունենայ աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի ամբողջական կազմով: Արթուր Դաւթեան եւ Վիգէն Խաչատրեան հանդէս պիտի գան բազմամարտի մրցումներուն, իսկ Յարութիւն Մերտինեան, Արթուր Թովմասեան եւ Վահագն Դաւթեան` առանձին գործիքներու վրայ: Աշխարհի այս 43-րդ ախոյեանութիւնը վարկանշային է: Լաւագոյն 24 խումբերը իրաւունք...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 99 Մարզիկներ Պիտի Մասնակցին Աքուաթլոնի Մրցումներուն

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան, վաղը` կիրակի, 21 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին կազմակերպած Աքուաթլոնի 5-րդ տարեկան մրցումը: Նշենք, որ երէկ արձանագրութեան վերջին օրն էր: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 99 մարզիկներ, որոնք կը մասնակցին տարբեր դասակարգի մրցումներուն` հետեւեալ ձեւով. 12 տարեկանէն վար, 13-18 տարեկան, 19-39 տարեկան, 40-49 տարեկան, 50 տարեկան եւ վեր: Մասնակցողները մրցումի...

Շաբաթ, 27 Հոկտեմբերին. Շապապ Պաթրուն Ակումբի Նոր Մարզահամալիրին Բացումը

Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տեղի պիտի ունենայ Շապապ Պաթրուն ակումբի նոր մարզահամալիրին բացումը` ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու: Անոր բացման հանդիսութիւնը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: Բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ պասքեթպոլի ցուցադրական մրցում մը` ներկայի եւ անցեալի մարզիկներուն միջեւ:  

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը` Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով

Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` Բ. խմբակին մէջ: ՀՄԸՄ - Ահլի երէկուան մրցումէն ՀՄԸՄ-ի հետ, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Նաժըմ Ռատեսի (Թունուզ), մինչ Ահլի (Եգիպտոս) եւ Մուժամահ Փեթրոլի (Ալճերիա) դուրս մնացին մրցաշարքէն: Կը մնայ գիտնալ, թէ ո՛ր խումբը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Փոփոխութիւններ` Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Երթի Մրցումներուն Գծով

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի երթի մրցումներուն բարեփոխուած յայտագիրը: Նկատի ունենալով, որ խումբերուն թիւը անզոյգ է (9), իւրաքանչիւր խումբ մէկ հանգրուան հանգիստ պիտի ընէ: Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Ա. հանգրուանին մրցում չունի կատարելիք: Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանին եւ ՀՄԸՄ-ի կատարելիք երթի մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՇԱԲԱԹ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Սաժես - Հուփս...

Մասնակցութեամբ 10 Երկիրներու Խումբերուն. Մարոքեան Օդանաւային Ընկերութեան Ֆութպոլի Երկրորդ Մրցաշարքը` 25-28 Հոկտեմբերին

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` մարոքեան օդանաւային ընկերութիւնը կը կազմակերպէ ֆութպոլի միջազգային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 10 երկիրներու խումբերուն: Այդ 10 երկիրներն են` Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Ֆրանսա, Մարոք, Սենեկալ, Փղոսկրեայ Ափունք, Ղանա, Նիկերիա, ինչպէս նաեւ` Լիբանան: Այս մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան հետ գործակցաբար, տեղի պիտի ունենայ 25-28 հոկտեմբերին` «Մոտըռն Սթար Լեպանոն Քլապ»-ի (Քֆարհըպապ, Ղազիր) եւ «Ֆուատ Շեհապ»...

Լողարշաւ. Նաժահ Ակումբին Մէկ Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Տուպայ

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար լողարշաւի «Հեմիլթըն» միջազգային ախոյեանութեան, Նաժահ-Պէյրութ ակումբին մէկ պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Ինչպէս ծանօթ է, այս ամրան ընթացքին Նաժահ ակումբը, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արաբական ախոյեանութիւններուն ընդհանրապէս արձանագրեց փայլուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներ: Պատուիրակութեան պատասխանատու եւ գլխաւոր մարզիչ Մոհամետ Սաքր յայտնեց, որ իր մարզիկները շատ լաւ պատրատուած են այս ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն...

Անթալիոյ Մէջ. Հայ Բազկամարտիկները Երկրորդ Ոսկի Մետալին Տիրացան

Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերոբ Աբրահամեան տիրացաւ ոսկի մետալի, հաշմանդամութիւն ունեցող մարզիկներուն գծով իր կատարած ճակատումին: 85 քկ դասակարգին մէջ, ան աւարտականին յաղթեց իր ռուս մրցակիցին: Այսպիսով, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ ոսկի մետալին: Առաջինին տիրացած էր Դաւիթ Դադիկեան` 90 եւ վեր քկ դասակարգին մէջ:

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Տուգանքի Ենթարկեց Արարատը

Երէկ` հինգշաբթի, 18 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարգապահական կոմիտէին հերթական նիստը` կարգապահական կոմիտէի նախագահ Ռուբէն Սինոյեանի գլխաւորութեամբ: Արարատի եւ Արարատ-Արմենիայի մրցումին, Արարատի համակիրներուն կողմէ ծխարձակ եւ հրավառ նիւթերու գործածութեան պատճառով եւ համաձայն ֆետերասիոնին կարգապահական կանոնագիրին 15-րդ յօդուածին 15-րդ կէտին, Արարատ ֆութպոլի ակումբը 30 հազար դրամով տուգանքի ենթարկուեցաւ:

«Էն. Պի. Էյ.» Փոխախոյեան Քաւալիրզ Պարտութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երկրորդ օրը, կատարուեցան 11 ճակատումներ: Նախորդ տարեշրջանին փոխախոյեան հանդիսացած Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրն էր Թորոնթօ Ռեփթըրզին, նոր տարեշրջանին սկսաւ պարտութեամբ` 116-104 արդիւնքով: Շարլոթ Հոռնեթց, որ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսը, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 113-112 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ, հակառակ անոր որ Քեմպա Ուոքըր նշանակեց 41 կէտ: Ֆէոնիքս Սանզ իր դաշտին վրայ 121-100 արդիւնքով յաղթեց...

Ֆապրեկաս Յայտնուեցաւ «ԿԻՆԵՍ»-ի Մրցանիշներու Գիրքին Մէջ

Չելսիի սպանացի միջնապահ Սեսք Ֆապրեկաս յայտնուեցաւ «ԿԻՆԵՍ»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Ան իր 100-րդ կոլի փոխանցումը` էսիսթը կատարեց իր 293-րդ մրցումին, 31 դեկտեմբեր 2016-ին, Սթոք Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Ռայըն Կիկզին, որ իր 100-րդ էսիսթը կատարած էր 367-րդ մրցումին:  

Արթուրօ Վիտալ 800 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Պարսելոնայի եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ դատարանին որոշումով 800 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Սեպտեմբեր 2017-ին Միւնիխի գիշերային ճաշարաններէն մէկուն մէջ ան շիշով հարուածած էր կռիւին մասնակցած անձի մը գլխուն: Միջադէպին մասնակցած էր նաեւ Վիտալի եղբայրը, որ տուգանքի ենթարկուեցաւ 18 հազար եւրոյով: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, Վիտալ Պարսելոնայի հետ ամսական կը ստանայ 300 հազար եւրօ:  

Պարսելոնա Կը Քննարկէ Նէյմարը Վերադարձնելու Հարցը

«Մունտօ Տեփորթիւօ»-ի հրապարակած մէկ լուրին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնան կը քննարկէ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն վերադարձնելու հարցը: Նէյմար, որ 222 միլիոն եւրոյի փոխարէն միացաւ ֆրանսական ակումբին, 2013-2017 տարեշրջաններուն մաս կազմած է Պարսային: Վերոնշեալ պարբերաթերթը կը նշէ, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը զղջացած կը թուի ըլլալ Ֆրանսա տեղափոխուելուն համար: Նշուեցաւ նաեւ, որ Նէյմար աւելի նուազ ամսական ալ գանձելով պատրաստ է...

Ռէալ Մատրիտ Բանակցութիւններու Սկսաւ Անթոնիօ Քոնթէի Հետ

Իտալական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը լրջօրէն կը քննարկէ, իտալացի մասնագէտ Անթոնիօ Քոնթէն խումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակելու հարցը: Այս տարեշրջանին, «Լա լիկա»-ի մրցումներուն Ռէալի արդիւնքները այդքան ալ լաւ չեն: Վերջին չորս մրցումներուն, արքայական ակումբը կրած է երեք պարտութիւն` չկարենալով նոյնիսկ կոլ ալ նշանակել: Մեծ դժգոհութիւն յառաջացած է մարզիչ Խիւլեն Լոփեթեկիի նկատմամբ: 12 յուլիս 2018-ին, Չելսիէն հեռանալէն ետք, Քոնթէ անգործ է:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ահլի

Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 18 հոկտեմբերին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին կը մրցի եգիպտական Ահլիի դէմ: Այս մրցումէն առաջ, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Մուժամահ Փեթրոլի - Ռատեսի հանդիպումը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Խումբին...

2018-ին Կէս-Մարաթոն. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Նարեկ Փանոսեան ՀՄԸՄ-ին Ապահովեց Երկրորդութիւն Մը

2018-ին Կէս-Մարաթոն. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Նարեկ Փանոսեան ՀՄԸՄ-ին Ապահովեց Երկրորդութիւն Մը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2018-ի կէս-մարաթոնի վազքի ախոյեանութիւնը (21,100 քմ)` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ վազողներ, որոնք մասնակցեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներուն` ներկայացնելով տարբեր ակումբներ եւ միութիւններ: Կէս-մարաթոնին ազդանշանը տրուեցաւ Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մուտքէն: Վազողները ուղղուեցան դէպի Մաամըլթէյն, հոնկէ դէպի Տըպպայէ` ծովեզերեայ ճամբէն, ուրկէ վերադարձան մեկնարկին վայրը: Այս կէս-մարաթոնի մեկնարկին ազդանշանը տուաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ` ներկայութեամբ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա Մրցումը` Ժունիէի Մէջ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները: Նկատի ունենալով, որ տեղի ունեցան բաժակի մրցաշարքի մրցումներ, ինչպէս նաեւ կրտսերներու եւ ֆութսալի մրցումներ, ակումբներու դէմ տուգանքներու սահմանում չկատարուեցաւ եւ մարզիկներ չկախակայուեցան: Ստորեւ` ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած այս շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ռասինկ - Անսար 16:00 Ժունիէ...

Թրիաթլոն.  Գէորգ Ալթունեան Հանդիսացաւ Առաջին` Պաթրունի 8-րդ Միջազգային Մրցաշարքին

Թրիաթլոն. Գէորգ Ալթունեան Հանդիսացաւ Առաջին` Պաթրունի 8-րդ Միջազգային Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ «Թրայ Լեպանոն» միութեան եւ գործակցութեամբ Պաթրունի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ Պաթրունի Թրիաթլոնի 8-րդ միջազգային մրցումը: Անոր ազդանշանը տրուեցաւ «Սաուարի» մարզահամալիրին դիմացէն: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան երեք հարիւր երկսեռ մասնակիցներ` Լիբանանէն, Եւրոպայէն եւ արաբական երկիրներէն: Բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն ներկայ էին Պաթրունի քաղաքապետութեան անդամները, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ` Պետիկ Լոճիկեան, տարբեր ֆետերասիոններու, ակումբներու,...

Անուար Ակումբի Ընտրութիւններ. Նուհատ Նասսուր Ընտրուեցաւ Նախագահ

Անուար (Ժըտէյտէ-Մեթն) ակումբի ընտրութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ, ժողովականները նոր նախագահ ընտրեցին Նուհատ Նասսուրը: Ակումբի փոխնախագահ ընտրուեցաւ Միշել Աուն, Էլիաս Քանաան` ընդհանուր քարտուղար, Ժորժ Նասսար` գանձապահ, իսկ մնացեալները` Ղասսան Ռատի, Զիատ Եազպեք, Ղասսան Խուրի, Ռեմոն Քանաան, Շարպել Սալամէ, Էտուար Նասսուր եւ Փոլ Քանաան` խորհրդականներ: Ակումբի վարչութեան նոր անդամները յառաջիկայ շաբաթ պիտի գումարեն ժողով մը` քննարկելու համար ակումբին տարբեր տեսակի խումբերուն հարցերը:

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Մարզիկները Յաղթանակի Գնդակը Նուիրեցին Վանեցեանին

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ազգային հաւաքականը նախանցեալ օր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մակեդոնիան, որ նախքան այս պարտութիւնը կրելը կը մնար անյաղթ` իր արձանագրած երեք յաղթանակներուն շնորհիւ: Այդ մրցումին յաջորդող օրը, հաւաքականին ֆութպոլիստները, իրենց ստորագրութիւնները կրող գնդակ մը յանձնեցին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահին Արթուր...

Page 779 of 1278 1 … 778 779 780 … 1,278

Արխիւներ