Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` Բ. խմբակին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի հետ, կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Նաժըմ Ռատեսի (Թունուզ), մինչ Ահլի (Եգիպտոս) եւ Մուժամահ Փեթրոլի (Ալճերիա) դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Կը մնայ գիտնալ, թէ ո՛ր խումբը պիտի գրաւէ այս խմբակին պարագլուխի դիրքը, երբ վաղը` շաբաթ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ եւ Նաժըմ Ռատեսի ճակատին իրարու դէմ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ յաղթել եգիպտական Ահլիին` 87-81 արդիւնքով (20-23, 19-21, 21-14 եւ 27-23):
Թէեւ Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ բարելաւեց իր խաղարկութիւնը, բայց եւ այնպէս մինչեւ մրցումին վերջին վայրկեանը չէր յստակացած յաղթական կազմին անունը:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեմի Մոնրօ (24), իսկ Ահլիէն` Սէյֆ Սամիր (31):
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ տիրապետեց ռիպաունտներուն (40` 17-ի փոխարէն), բայց ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան քիչ մը շատ (17` 9-ի փոխարէն):
Այսօր` ուրբաթ, 19 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի կ՛ունենայ մրցում մը միայն:
Ռիատի – Սալա մրցումին յաղթականը պիտի գրաւէ Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Հետեւաբար կը կարծուի, որ այս ճակատումը ըլլայ բաւական զօրաւոր մրցում մը:


