Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 18 հոկտեմբերին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին կը մրցի եգիպտական Ահլիի դէմ:
Այս մրցումէն առաջ, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Մուժամահ Փեթրոլի – Ռատեսի հանդիպումը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Խումբին համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 19:30-ին Պուրճ Համուտի հրապարակէն պիտի ուղղուին Մանարայի դաշտ:
Դաշտին մուտքը անվճար է:


