Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` մարոքեան օդանաւային ընկերութիւնը կը կազմակերպէ ֆութպոլի միջազգային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 10 երկիրներու խումբերուն:
Այդ 10 երկիրներն են` Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Ֆրանսա, Մարոք, Սենեկալ, Փղոսկրեայ Ափունք, Ղանա, Նիկերիա, ինչպէս նաեւ` Լիբանան:
Այս մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան հետ գործակցաբար, տեղի պիտի ունենայ 25-28 հոկտեմբերին` «Մոտըռն Սթար Լեպանոն Քլապ»-ի (Քֆարհըպապ, Ղազիր) եւ «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտերուն վրայ (Ժունիէ):
Զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, իսկ կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները` շաբաթ, 27 հոկտեմբերին:
Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Ժունիէի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ցուցադրական մրցում մը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Ան մաս պիտի կազմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կազմուած խումբին` մրցակից ունենալով արտասահմանի մէջ հանդէս եկող լիբանանցիներէ կազմուած խումբը:



