Իտալական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը լրջօրէն կը քննարկէ, իտալացի մասնագէտ Անթոնիօ Քոնթէն խումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակելու հարցը:
Այս տարեշրջանին, «Լա լիկա»-ի մրցումներուն Ռէալի արդիւնքները այդքան ալ լաւ չեն: Վերջին չորս մրցումներուն, արքայական ակումբը կրած է երեք պարտութիւն` չկարենալով նոյնիսկ կոլ ալ նշանակել:
Մեծ դժգոհութիւն յառաջացած է մարզիչ Խիւլեն Լոփեթեկիի նկատմամբ:
12 յուլիս 2018-ին, Չելսիէն հեռանալէն ետք, Քոնթէ անգործ է:



